2012-10-22 16:09:58

Գերապայծառ Գասմուսայի Գնահատումով Այսպէս Կոչուած <<Արաբական Գարունը>> Պիտի Այլափոխուի Ու Դառնայ Արաբական Աշուն։


''Մահմետական շարժումները ներկայիս ջղագրգիր հոգեվիճակի մէջ են, սակայն անոնք հետզհետէ հիասթափ պիտի ըլլան։ Եթէ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները մերժեն վերջանալ գաղթականութեան մէջ, հարկաւոր է որ անոնք լուծումներ որոնեն ոչ մոլեռանդ մահմետականներու հետ'' յայտարարեց երբեմնի հիւսիսային Իրաքի Մոսուլի առաջնորը` գերապայծառ Գասմուսան, Լոզանի մէջ մամուլին հետ ունեցած ելոյթին ընթացքին ։
Արաբական գարունը բռնագրաւուած է ծայրայեղ մահմետականներէն եւ որուն հետեւանքով այդ գարունը աշունով պիտի վերջանայ։ Մուսուլի առաջնորդը մատնանշեց որ կարելի է ''միասին ապրիլ''։ Յայտնենք որ Իրաքի քրիստոնեաներուն կացութիւնը ողբերգական դարձաւ ամերիկեան բռնագրաւումէն ետք 2003-ին։ Քրիստոնեայ հասարակութիւնը 2000 տարիէ բնակութիւն հաստատած է Տիգրիսի ու Եփարատի միջեւ։ Ներկայիս քրիստոնեաները կը հաշուեն շուրջ 450 հազար, որոնցմէ մի քանի հազարը հայ են։ Գերապայծառ Գասմուսան մատնանշեց որ Քիւրտեստանի կառավարութիւնը կը քաջալերէ քրիստոնեաներուն ներկայութիւնը, եւ անոնց հող կը տրամադրէ եկեղեցիներ կառուցանելու համար։Քրիստոնեաները քիւրտեստանի մէջ իրենք զիրենք աւելի ապահով կը զգան։








All the contents on this site are copyrighted ©.